2014-01-27 12:11:32

Լիբանան` Բացում Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարուան


Կիրակի, 26 յունուար 2014ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Սուրբ գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւող մէջ, տեղի ունեցաւ ''Ծէսի'' նուիրուած յոբելինական տարուայ պաշտօնական բացումը ։
Այս առթիւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս – Պատրիարք, Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ը ներկաներուն փոխանցեց հետեւեալ խօսքը։

Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի հոգեխօս Ծէսին Սահմանադրութեան յիսնամեակին առիթով, Ծիսական Պատրիարքական Յանձնախումբը՝ գլխաւորութեամբ Արհի. Հ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի, եւ գործակցութեամբ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի եւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեանի, մեծապէս կարեւոր նկատեց վերարծարծել մեր կղերին եւ մեր հաւատացեալներուն կեանքին մէջ ծիսակատարումներուն հոգեշահ ապրումը: Արդարեւ, ծիսական արարողութիւնները մեր հաւատքին արտայայտութիւնը պէտք է ըլլան եւ անոնց մասնակցելով՝ պէտք է որ մեր կեանքի վկայութեամբ արտայայտենք զանոնք Քրիստոսին նմանելով՝ ամէն մարդ սիրելով եւ անկեղծ նուիրումով:
Սուրբ Պատարագը, սուրբ խորհուրդները, եւ այլ արարողութիւնները որոնց կը մասնակցինք լոկ պարտաւորութիւններ պէտք չէ ըլլան: Եթէ ոչ, ապարդիւն պիտի մնան, չըսելու համար ժամանակի կորուստ պիտի համարուին, եթէ ամէն աղօթքէն ետք չենք փոխուիր մեր ապրելակերպին մէջ, մեր առօրեայ փոխ յարաբերութիւններուն մէջ ուրիշներուն հետ, եւ մանաւանդ՝ մեր մօտեցումին մէջ Յիսուսին՝ անոր կեանքին ու չարչարանքներուն, յատուկէն անոր սիրոյ եւ ներումի ոգիին:
Հինգերորդ դարու մեծ Հայրապետը՝ Ս. Յովնան Մանդակունի այսպէս կ'արտայայտուի. «ճշմարիտ հաւատքով կ'իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է խորանին վրայ: Իրեն կը մերձենանք, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք եւ զինք կ'ընդունինք մեր մէջ»: Սիրելիներս, մեր Հայրապետին սրբալոյս այս խօսքերը մեզմէ ո՞վ կրնայ զանոնք համոզումով կրկնել, եւ մենք ո՞րքանով զանոնք կ'ապրինք, ամէն անգամ որ սուրբ պատարագին կամ այլ արարողութեան մը կը մասնակցինք:
Հին ասացուածք մը կ'ըսէ. Օրէնք աղօթից, օրէնք հաւատալեաց: Այս խօսքին իմաստը սա է. աղօթքը կապուած է հաւատքին: Առանց հաւատքի, ծիսակատարութիւնը կը վերածուի լոկ եկեղեցական պարտականութիւն կամ աւանդական սովորութիւն, ինչպէս յաճախ կը պատահի:
Փաստ. քանի քանի անգամներ սուրբ պատարագին ներկայ կը գտնուինք առանց որեւէ բարելաւում մը զգալու մեր յարաբերութեան մէջ Յիսուսին հետ եւ ընկերոջ հետ: Մեր մտածելակերպը եւ մեր վարուելակերպը նոյնն են. կը շարունակենք ապրիլ առաջուան պէս՝ դրամը կը գերադասենք ամէն բանէ վեր, կը շարունակենք չխօսիլ ասոր կամ անոր հետ, եւ չենք ներեր մեր հակառակորդներուն: Ասոր համար, ոմանք Պատարագին չեն գար այլեւս, զայն նկատելով ժամանակի կորուստ, որովհետեւ անկէ չեն օգտուիր եւ անոնց դժուարութիւնները նոյնը կը մնան տան մէջ, գործին մէջ, ազգականներուն եւ դրացիներուն հետ: Շատեր առաջնութիւնը կու տան գործին կամ հանգիստին եւ մէկը կ'ըսէ. եթէ ժամանակ ունենամ, Եկեղեցի պիտի երթամ: Յայտնի է որ Աստուած այլեւս առաջին տեղը չի գրաւեր այդ անձին կեանքին մէջ, ինչպէս որ պէտք էր ըլլալ, այլ դժբախտաբար՝ Աստուած երկրորդ, երրորդ, կամ երբեմն վերջին տեղը կ'անցնի:
Ինչո՞ւ համար աղօթքը չի տար պէտք եղած սնունդը մեր հոգիին, մեր առօրեայ կեանքին, եւ չենք զգար անոր կարեւորութիւնը, ոչ միայն, այլ անոր անհրաժեշտութիւնը ուրախ ապրելու համար:
Պատասխանը յստակ է. մեր հաւատքը Աստուծոյ վրայ տկարացած է: Մեր ըմբռնումը աղօթքին մասին, որպէս հարկաւոր սնունդ մեր առօրեայ կեանքին համար, դժբախտաբար նսեմացաւ: Կենսական կապ չենք գտներ այլեւս աղօթքին եւ մեր ամէն օրուայ ապրումին միչեւ:
Մեր մարմինը առողջ պահելու համար, անոր սնունդ կու տանք ամէն օր: Եթէ ոչ, մեր առողջութիւնը կը տկարանայ եւ կը հիւանդանանք:
Նոյնն է մեր հոգեւոր կեանքին համար՝ որպէսզի երջանիկ ըլլանք, պէտք ունինք ամէն օր հոգեւոր յատուկ սնունդի, ճիշդ ինչպէս կ'ընենք մեր մարմնին համար: Ո՞ր տեսակ սնունդի պէտք ունինք:
ա- Ամէն օր յարաբերութիւն մշակել անհունօրէն մեզ սիրող Յիսուսի անձին հետ՝ կամ առանձնական աղօթքով եւ կամ եկեղեցական արարողութիւններով, ինչպէս է սուրբ պատարագը:
բ- Կարդալ կամ լսել, եւ ըմբռնել խօսքը Աստուծոյ եւ Անոր սէրը մեզի հանդէպ՝ ըլլայ տան մէջ, անոր մասին խորհրդածելով, ըլլայ քարոզ լսելով արարողութիւններուն ընթացքին, ուր Ս. Գիրքի ընթերցումներ կ'իմանանք եւ քարոզը կը լսենք: Անոնք շատ կարեւոր են հաւասարակշիռ կեանք մը ունենալու համար:
գ- Բարեգործութիւններ ընել որպէս հարազատ քրիստոնեայի կեանքի վկայութիւն:
Այն ժամանակ, աղօթքը ծանր պարտականութիւն պիտի չթուի մեզի, այլ՝ ուրախ պահ մը եւ սովորական ընթացք մը, ճիշդ ինչպէս ամէն օր կերակուր կու տանք մեր մարմնին: Այսպէս երջանկութիւն պիտի ունենանք:
Այն ժամանակ, աղօթքին համար ժամանակ պիտի գտնենք ինչպէս օրական երեք անգամ ճաշ ուտելու ժամանակ կը յատկացնենք:
Այն ժամանակ, կեանքը նոր իմաստ մը պիտի ունենայ, խաղաղ պիտի ապրինք եւ ուրիշներուն ալ սիրով օգտակար պիտի ըլլանք:
Այն ժամանակ, պիտի զգանք որ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ որպէս հայր, Յիսուս՝ որպէս մեծ եւ սիրելի եղբայր, եւ բոլոր մարդիկ մեզի հետ միասին Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի կազմեն աշխարհին մէջ:
Այն ժամանակ, պիտի երգենք ամէնքս միասին սաղմոսերգուին հետ, ըսելով.
«Երգեցէք Տեառն երգ նոր,
երգեցէք Տեառն ամենայն երկիր,
երգեցէք Տեառն եւ օրհնեցէք զանուն նորա» (Սղ. 95, 1-2). ամէն:









All the contents on this site are copyrighted ©.